2015-02-11 09:46:29

Տեղի ունեցաւ Նաճի Նումանի ` “Հարիւր…. եւ կը Շարունակուի Ցեղասպանութիւնը” գիրքի հրատարակութիւնը։


Գրող Նաճի Նուման իր նոր մեծածաւալ գիրքի“Հարիւր…եւ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի” առաջին օրինակը (որ հրատարակուած է իր իսկ “Մշակոյթը Անվճար” հաստատութեան կողմէ) նուիրեց Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի կեդրոնին մէջ, արարողութեան ներկայ էին նաեւ մոնսինիոր Ճորճ Եղիայեան եւ վերոնշեալ հաստատութեան անդամ Միրուան Նուման:
Գիրքը Մարտ 9-ին պիտի բաժնուի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, որուն ներկայ պիտի գտնուին պատրիարքներ եւ եպիսկոպոսներ:
Գիրքը բաղկացած է 512 էջէ, ներածական ունենալով “Ի՞նչպէս կարելի է շարունակուի հարիւրէն յետոյ”, իսկ անոր նախաբանը կը կրէ “Այսպէս արտանետեցին ջարդերը իրենց լաւան” խորագիրը:
Այս մեծածաւալ գիրքը բաղկացած է երեք մասէ: Առաջինը` “Հայ ժողովուրդը` վկայ եւ մարտիրոս” որ պատմական ակնարկ մըն է. իսկ երկրորդը` “Վկայութիւններ նահատակներուն մասին”, այն կ’ընդգրկէ 256 ոչ հայ պատմաբաններու, մտաւորականներու եւ գրողներու վկայութիւնները, ցեղասպանութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Գիրքի երրորդ մասը` “Լիբանանը եւ աշխարհը շահեցան ծաղիկներու եւ մեխակներու փունջ մը” , այն կ’ընդգրկէ 24 երկիրներէ, 14 լեզուներով վկայութիւններ գրուած 100-րդ տարելիցի առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.